Չորեքշաբթի, 26. 03. 2025

spot_img

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ – Պատարագ Եւ Հանդիսութիւն ԱՄԷի Մէջ Նուիրուած ՀՀ Անկախութեան Տօնին

Սեպտեմբեր 18ին ՀՀ Անկախութեան 24րդ տարեդարձի առթիւ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Շարժա քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ անմահ պատարագ, կը հաղորդէ «Հայերն Այսօր»ը:

Սեպտեմբեր 23ին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մօտ ՀՀ դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն:

Հայաստանի Հանրապետութեան պետական օրհներգին յաջորդեց ԱՄԷ եւ Քաթարի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ, Հոգեշնորհ Տէր Մեսրոպ վարդապետ Սարգսեանի մաղթանքը եւ սրտի խօսքը:

ԱՄԷի մէջ ՀՀ դեսպան Գեղամ Ղարիպճանեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին ու ներքին քաղաքականութեան հարցերուն, ապա ընթերցուեցաւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի շնորհաւորական ուղերձը Անկախութեան տարեդարձի առիթով:

Երեկոյի գեղարուեստական բաժինէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին