Երէկ Սեպտեմբերի 23-ին ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան Երևանի գրասենեակին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեանց ներկայացուցիչներուն միջև: ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացուցին վարչութեան Ատենապետ ընկ. Մայք Խառապեանը և վարչութեան անդամ ընկ. Լևոն Պլըքեանը: ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութիւնը կը ներկայացնէին վարչութեան Ատենապետ Յակոբ Տիգրանեանը, վարչութեան անդամներ՝ Տոքթ. Եղիկ Ճերեճեանն ու Խաչիկ Քեշիշեանը:
Երկու կուսակցութիւններու ղեկավարները փոխադարձաբար զիրար ներկայացուցին Սփիւռքի և Հայաստանի մէջ իրենց ծաւալած գործունէութիւններն ու յառաջիկայ ծրագիրները:
Հանդիպման ընթացքին կողմերու միջև խոսակցութիւնը կեդրոնացաւ Մերձաւոր Արևելքի, մասնաւորաբար՝ Սուրիոյ և Լիբանանի հայութեան այսօրուան հրատապ խնդիրներու վրայ: Կողմերը մտահոգութեամբ քննարկեցին խնդիրները հնարաւոր չափով մեղմելու ուղիներ:
Ժողովը չափազանց կարևոր համարելց հայապահպանութեան խնդիրը այսօր Սփիւռքի մէջ, ինչպէս նաև պատրաստակամութիւն յայտնեց այսուհետ ևս շարունակել ստանձնած յանձնառութիւնը, այն է՝ սփիւռքահայ մատաղ սերունդի և Հայրենիքի հետ կապի պահպանման և ամրապնդման կարևորագոյն առաքելութիւնը:
Հանդիպման աւարտին կողմերը պայմանաւորուեցան շարունակել համագործակցութիւնը՝ ի նպաստ Սփիւռքի և Հայրենիքի:
ՌԱԿ ՄԱՄԼՈՅ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՅՐ ԴԻՒԱՆ