Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Համահայկական Մշակութային Փառատօնի Բացում

Սեպտեմբեր 24ի երեկոյեան, Երեւանի Արամ Խաչատրեան մեծ համերգասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան Համահայկական մշակութային փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մամուլի գրասենեակը։

Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս իրականացուող փառատօնը կը ներառէ՝ Սթամպուլի հայ համայնքի մշակութային օրերը Հայաստանի մէջ եւ «Կ’երգենք Կոմիտաս» փառատօնը, որուն կը մասնակցին Հայաստանէն, Արցախէն եւ աշխարհի 12 երկիրներէ ժամանած երգչախումբեր, պարախումբեր եւ անհատ կատարողներ:

Փառատօնի մասնակիցներուն կ’ողջունէ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Մասնակիցներուն իր օրհնանքի խօսքը կը բերէ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդԱրամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան:

Ելոյթ կ’ունենան Սթամպուլի Լուսաւորիչ եւ Հայաստանի Էքսփրոմտ երգչախումբերը, պոլսահայ երգիչներ Սիպիլը, Պօղոս Եղիազարեանը եւ Պարթեւ Կարեանը:

Ծրագիրի ընթացքին  կը հնչեն պոլսահայ երաժշտահան Մաժակ Թոշիկեանի` Հրանդ Տինքին նուիրուած օրաթորիան եւ այլ ստեղծագործութիւններ` խմբավար Յակոբ Մամիկոն­եա­նի ղեկավարութեամբ:

Փառատօնը նպատակ ունի նպաստելու Հայաստան-Սփիւռք մշակութային գործակցութեան ընդլայնման, Սփիւռքի մէջ մշակութային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին