Երկուշաբթի, 21 Սեպտեմբերի կէսօրին, Քուէյթի առաջնորդ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեան, ընկերակցութեամբ երեսփոխանական ժողովի ատենապետ տիար Յարութիւն Պետիրեանի, ազգային վարչութեան ատենապետ տիար Մունիր Դարբինեանի եւ Քուէյթի եկեղեցւոյ հիմնախնդիրի ատենապետ տիար Անուշաւան Նազարեանի, այցելեց Քուէյթի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն եւ յանուն թեմի ժողովականութեան ու ժողովուրդին, շնորհաւորեց Հ.Հ. Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Տիար Ֆատէյ Չարչօղլեանը՝ Հայաստանի Անկախութեան տօնին առթիւ: Այս մասին կը հաղորդէ Քուէյթի ազգ. առաջնորդարանի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջը:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ դեսպանին հետ անդրադառնալու քուէյթահայութիւնը յուզող եկեղեցոյ հիմնախնդիրին: Դեսպանը այս գծով խոստացաւ օգտակար դառնալ իր պետական կապերով՝ արագ եւ գործնական լուծում գտնելու եկեղեցւոյ հարցի գծով:
Հանդիպան ընթացքին Պրն. Դեսպանը առաջնորդ Հայր Սուրբին փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիրը: Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց Պրն. Դեսպանին թէ՛ անձնագիրին եւ թէ՛ Քուէյթի հայ համայնքին ցուցաբերած իր օժանդակութեան համար, նեցուկ կանգնելու համայնքի ծրագիրներուն եւ բաժնելով անոր մտահոգութիւնները: