Շաբաթ, 14. 09. 2024

spot_img

Վարչապետին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Չինաստանի Մէջ Մասնակցած է ՀՀ Անկախութեան Նուիրուած Ընդունելութեան

ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը, Սեպտեմբեր 21ի երեկոյեան աշխատանքային այցով մեկնեցաւ Փեքին ( Չինաստանի Ժողովրդային Հանրապետութիւն):

ՀՀ Կառավարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդմամբ, Սեպտեմբեր 22ին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան եւ պատուիրակութեան անդամները, Չինաստանի մօտ ՀՀ դեսպանատան մէջ մասնակցեցան ՀՀ անկախութեան 24րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական ընդունելութեան, որուն ներկայ էին Չինաստանի մէջ հաւատարմագրուած երկիրներու դիւանագիտական առաքելութիւններու, տարբեր գերատեսչութիւններու ղեկավարներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Դեսպանատան մէջ վարչապետ Աբրահամեան առանձնազրոյց մը ունեցած է Չինաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Չեն Կափենի հետ: Կողմերը քննարկած են հայ-չինական փոխգործակցութեան խորացման ու ընդլայնման ուղղուած շարք մը հարցեր:

Այսօր նախատեսուած է վարչապետ Աբրահամեանի հանդիպումները Չինաստանի պետական խորհուրդի նախագահ (վարչապետ) Լի Քեցեանի եւ Չինաստանի քաղաքացիական ճարտարագիտական շինարարական գործակցութեան փոխնախագահ Սոն Եոնի հետ:

Ըստ աղբիւրին պատուիրակութեան կազմին մէջ են ՀՀ Զբօսաշրջութեան եւ կապի նախարար Գագիկ Բեգլարեան, ՀՀ Տնտեսութեան նախարար Կարէն Ճշմարիտեան, ՀՀ Կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարարի առաջին տեղակալ Գուրգէն Դումանեան, ՀՀ Ելեւմուտքի նախարարի առաջին տեղակալ Պաւել Սաֆարեան, ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Սերկէյ Մանասարեան, ՀՀ Կեդրոնական դրամատան նախագահի տեղակալ Ներսէս Երիցեան եւ պաշտօնատար այլ անձիք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին