Թուրքիա դիմած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի` Վանի բերդը համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկելու համար, կը յայտնէ News.am-ը:
Թրքական Radikal-ի փոխանցմամբ` Վանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Մուզաֆեր Աքթուղ յայտնած է, թէ Վանի բերդը եթէ մտնէ ԵՈՒՆԵՍՔՕի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ, ապա ատիկա Վանին մեծ ճանաչում եւ օգուտ պիտի բերէ:
Նշենք, որ Թուրքիա ԵՈՒՆԵՍՔՕի ուղղուած դիմումին մէջ շեշտած է՝ Վանի բերդը եւ Վանի քաղաքամէջը (հայկական թաղամաս-խմբ.) որպէս համաշխարհային ժառանգութիւն ճանչնալ: