Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Պոլիս; Սթամպուլի Մէջ Կը Վերականգնի Պալեան Ընտանիքին Գերեզմանը

Պոլսոյ յայտնի հայ ճարտարապետներու ընտանիքին` Պալեաններուն պատկանող գերեզմանը պիտի նորոգուի: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, այս մասին կը տեղեկացնէ «Ակօս» պարբերականը:

Սթամպուլի Սկիւտար թաղամասի Սուրբ Խաչ գերեզմանատան մէջ գտնուող հայ ճարտարապետներուն գերեզմանը՝ պիտի վերականգնի Հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութեան նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ Անուշաւան Հրաչ Քըրմըզեանի հովանաւորչութեամբ:

Գերեզմանատան վերականգնման աշխատանքներու ծիրէն ներս, կը նախատեսուի այստեղ բերել այժմ Թուրքիոյ հնագիտութեան թանգարանին մէջ գտնուող` Կարապետ Պալեանին պատկանող գերեզմանաքարը, որ յայտնաբերուած էր Սթամպուլի թաղամասերէն մէկուն մէջ իրականացած շինարարական աշխատանքներու ժամանակ:

Պալեաններու գերեզմանի վերականգնման առնչութեամբ Սեպտեմբեր 18­ին տեղի ունեցած է հիմնարկէքի արարողութիւն: Կը նախատեսուի, որ այդ աշխատանքները աւարտին հասնին Մայիս 2016ին:

Օսմանեան կայսրութեան մէջ Պալեաններու ընտանիքի անդամները նախագծած եւ կառուցած են բազմաթիւ շէնքեր, կամուրջներ, պալատներ, եկեղեցիներ եւ մզկիթներ:  Պալեաններու ընտանքիը նոր շունչ բերած է օսմանեան ճարտարապետական արուեստին` համադրելով օսմանեան միջնադարեան հայազգի ճարտարապետ Սինանի աւանդոյթները եւ արեւմտեան ճարտարապետական ոճերը:

Պալեան ընտանիքի ճարտարապետներու մօտաւորապէս չորս սերունդի ներկայացուցիչներ համարուած են օսմանեան արքունիքի ճարտարապետներ: Անոնց ստեղծած նրբաճաշակ կառոյցները կը զարդարեն Սթամպուլը եւ անոր եւրոպական տեսք կու տան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին