Ուրբաթ, 14. 02. 2025

spot_img

Թորոս Ռոսլինի Գրիչին Պատկանող Ութ Պատկերազարդ Էջեր Կը Պահպանուին Լոս Անճելըսի Թանգարանին Մէջ

Թորոս Ռոսլինի հեղինակած ութ պատկերազարդ էջեր պահպանութեան կը յանձնուին Լոս Անճելըսի Գեթթի թանգարանին:

Ըստ «Արցախփրես»ի, որ կը վկայակոչէ Associated Press գործակալութիւնը` 13-րդ դարու ստեղծագործութիւններուն պահպանութեան վստահումը ԱՄՆի խոշորագոյն թանգարաններէն մէկուն՝ դարձաւ Ամերիկայի հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Գեթթի թանգարանի համագործակցութեան արդիւնք:

Ութ թերթերուն պատկերուած խորանները կը կազմեն Զէյթունի Աւետարանին մէկ մասը: Համաձայն թուագրութեան անոնք 13րդ դարու հայ անուանի գործիչ Թորոս Ռոսլինի առաջին աշխատանքներէն են:

Քանի մը տարի անընդմէջ հայ եկեղեցին կը բարձրաձայնէր նշուած աշխատանքներու իրաւայաջորդութեան հարցը: Սակայն Գեթթի թանգարանը կը հրաժարէր տրամադրելէ զանոնք, քանի որ թանգարանը 1994ին օրինական կերպով գնած էր զանոնք՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած քաղաքացիէ մը, որ իր հետ փրկած էր նշուած ութ էջերը:

Տարիներ տեւացած վէճը հանգուցալուծուեցաւ թանգարանին կողմէ թուղթերու պատկանելիութիւնը Հայոց եկեղեցիին ըլլալը ընդունելէ ետք: Հայկական եկեղցին ալ իր հերթին համաձայնութիւն տուաւ պահպանել զանոնք Գեթթի թանգարանին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին