Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

Անկախութեան 24րդ Տարեդարձին Առիթով Նախագահի Նստավայրին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Պարգեւատրման Արարողութիւն

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրներով, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 24րդ տարեդարձին առիթով` գիտութեան, կրթութեան, մարմնակրթութեան, արուեստի եւ մշակոյթի  խումբ մը գործիչներ, առողջապահութեան, տնտեսութեան, բանակի եւ իրաւապահ մարմիններու ներկայացուցիչներ պարգեւատրուած են պետական բարձրագոյն պարգեւներով, շնորհուած են պատուաւոր, ինչպէս նաեւ այլ բարձրագոյն կոչումներ ու դասային աստիճաններ:

Տարբեր մարզերու մէջ ակնառու նուաճումներու եւ  յաջողութիւններու հասած յիշեալ անձերուն, նախագահ Սերժ Սարգսեան նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին յանձնած է պարգեւները: Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորած է բոլոր պարգեւատրուածները տօնին եւ պետական բարձր պարգեւներուն արժանանալու առիթով ու մաղթած յաջողութիւն:

Պարգեւատրուողներու շարքին էր նաեւ թիւ N զօրամասի զինծառայող, շարքային Գոռ Հրաչեայ Դարմանեանը, որ պարգեւատրուած է Արիութեան մետալով՝ Հայրենիքի պաշտպանութեան գործին ցուցաբերած անձնական խիզախութեան համար: Հակառակորդին յատուկ նշանակութեան ջոկատի ուժեղացուած խումբի` Մարտ 19ին ձեռնարկած յարձակման հետեւանքով վիրաւորուած հերոսին, նախագահ Սարգսեան պարգեւը յանձնելէ առաջ համբուրած է անոր ճակատը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին