Երկուշաբթի, 21. 04. 2025

spot_img

Հայաստանի Եւ Արցախի Նախագահներն Ու Բարձրաստիճան Այրեր Այցելեցին Եռաբլուր

ՀՀ Անկախութեան տօնին առթիւ երէկ` Սեպտեմբեր 21ին, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան, հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ այցելեցին Եռաբլուր զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցանելու իրենց կեանքը Հայրենիքի ազատութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:

NEWS.am-ի փոխանցմամբ` Եռաբլուր զինուորական պանթէոն այցելած էին նաեւ ՀՀ ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեան, ԱԱԾ տնօրէն Գորիկ Յակոբեան, Հայաստանի ու ԼՂՀի պաշտպանութեան նախարարներ Սէյրան Օհանեան եւ Լեւոն Մնացականեան, ՀՀ ԱԺ նախագահ Գալուստ Սահակեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանը երէկ նշեց իր անկախութեան 24 ամեակը: 1991ի Սեպտեմբեր 21ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ անկախութեան հանրաքուէ, որու մասնակիցներուն շուրջ 94 տոկոսը կողմ քուէարկեց Հայաստանը անկախ պետութիւն ունենալու օգտին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին