Երեքշաբթի, 10. 09. 2024

spot_img

20 Սեպտեմբերին Եթեր Պիտի Արձակուի Քիմ Քարտաշեանի Հայաստան Այցելութեան Տեսանիւթը

Քիմ Քարտաշեանի անձին շուրջ ստեղծուած աղմուկին կապակցութեամբ հակասական են մեկնաբանութիւնները, սակայն պէտք է ընդունիլ այն իրողութիւնը, թէ ան «Ռեալիթի» (Իրականութիւն) հեռատեսիլի իր շօուին միջոցով, բազմամիլիոն հետեւորդներ ունի ԱՄՆի մէջ թէ դուրսը եւ անոր Հայաստան այցելութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի համահայկական ու պետական նշումէն երկու շաբաթներ առաջ, անկէ քանի մը օրեր ետք ալ Հռոմի Պապին Վատիկանի Մայր Տաճարին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակումը, մեծապէս նպաստեցին համաշխարհայնօրէն ծանօթացնելու մեր ցաւը, որ պէտք է ընդունիլ, թէ հայկական հաւաքական ուժերէն վեր էր այդպիսի ծանուցողական գործունէութիւն տանիլը։ Այդ բոլորէն յետոյ երբ Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահներ Վլատիմիր Փութինի ու Ֆրանսուա Հոլանտի ներկայութեամբ կայացաւ Ապրիլ 24ի Ծիծեռնակաբերդի 100 ամեակի կեդրոնական միջոցառումը, Հայ Դատի քաղաքական հնչողութիւնը բացարձակապէս շեշտուեցաւ եւ շուքի մէջ ձգեց՝ Էրտողանի Թուրքիոյ նոյն օրը Կալիփոլիի յաղթանակի հարիւրամեակը նշելու ստոր խեղկատակութիւնը, նոյնիսկ Բրիտանիոյ գահաժառանգ Չարլզ իշխանին ներկայութեամբ։

Հետեւաբար «Ռեալիթի» հեռատեսիլի Ռեալիթի շօուէն՝ Քիմ Քարտաշեանի եւ անոր ընտանիքին Հայաստան կատարած այցելութենէն դրուագներու ցուցադրումը, անխուսփելիօրէն հայանպաստ միջոցառում մըն է, որ կրկին անոր միլիոնաւոր հետեւորդներու մօտ պիտի վերարծարծէ հայութեան ու Հայաստանի իրականութիւնը, անգամ մը եւս կատղեցնելով այս օրերուն ներքին տագնապի մէջ մխրճուած Էրտողանի Թուրքիան։

«Խմբ.»

 Վաղը՝ Կիրակի, 20 Սեպտեմբերին (ՀՀ Անկախութեան Տօնէն օր մը առաջ) եթեր պիտի արձակուի՝ Քարտաշեաններու Հետ Ըլլալով (Keeping Up With the Kardashians) «Ռեալիթի» հեռատեսիլի Ռեալիթի շօու հաղորդման նոր եթերաշրջանի առաջին հաղորդումը, որու ընթացքին պիտի ցուցադրուին Քիմ Քարտաշեանի, անոր ամուսինին՝ ռեփ երգիչ Քանիէ Ուեսթի, դստեր եւ քրոջ անցեալ Ապրիլին Հայաստան կատարած այցէն չորս դրուագներ,  կը տեղեկացէ համահայկական լուրերու «Այբուբեն» կայքը:

Ինչպէս յայտնի է այս տարուան Ապրիլ 8ին, ամերիկեան հեռատեսիլի ամենաժողովրդային աստղերէն համարուող Քիմ Քարտաշեան, իր ընտանիքի անդամներուն հետ այցելեց Հայաստան։ Այդ ընթացքին անոնք եղան Հայրենիքի շարք մը վայրերու մէջ,  հանդիպեցան   Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հետ, այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու հոգիներուն: Քարտաշեանները այցելեցին նաեւ  Գառնիի հեթանոսական տաճար, Գեղարդի վանք եւ Կիւմրի, ուր տեսան իրենց պապենական տունը: Անոնք Հայաստանէն մեկնեցան Ապրիլ 12ի գիշերը, որմէ ժամեր առաջ ռեփըր Քանիէ Ուեսթ անվճար համերգ տուաւ Երեւանի Կարապի լիճի մօտ, որուն մասնակցեցաւ երիտասարդներու մեծ բազմութիւն մը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին