Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Ընող Թուրք Գործարարին Դէմ Դատախազութիւնը Հետաքննութիւն Սկսած Է

Անգարայի դատախազութիւնը հետաքննութիւն  սկսած է Թուրքիոյ հսկայ ընկերութիւններէն մէկուն՝ Alarko ընկերութեան հիմնադիր, հրէական արմատներով թուրք գործարար Իսհաք Ալաթոնի նկատմամբ, կը յայտնէ News.am-ը:

Թրքական Sozcu պարբերականի փոխանցմամբ` թրքական դատախազութիւնը Իսհաք Ալաթոնի դէմ հետաքննութիւն  սկսած է՝ կիւլէնականներուն ֆինանսական եւ բարոյական աջակցութիւն ցոյց տալու մեղադրանքով:

Իսհաք Ալաթոն միակ թուրք գործարարն է, որ հրապարակաւ թրքական իշխանութիւններուն կոչ ըրած է ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ներողութիւն խնդրելու եւ յարգելու զոհուածներու յիշատակը: «90 տարի մենք բազմաթիւ մեղքեր գործած ենք: Կմախքները լեցուցած ենք պահարանները եւ փակած դռները:  90 տարի է աշխարհին կոյր կ’ըսենք: Կը վախնանք առերեսուելու: Մեզի սորվեցուցած են վախնալ: Կմախքները պահարաններու մէջ կը փտին, իսկ ատոնց հոտը արդէն անտանելի  դարձած է: Ես արդէն չեմ կրնար շնչել», ըսած էր Իսհաք Ալաթոն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին