Տիարպեքիր նահանգի Սուր շրջանին մէջ գտնուող Հայ կաթողիկէ եկեղեցին, սոյն տարածքին մէջ յայտարարուած պարէտային ժամի ընթացքին, դարձած է թուրք ոստիկաններու յարձակման թիրախ:
«Տիճլէ» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ` Հասըրլը թաղամասին մէջ գտնուող հազարամեայ եկեղեցին մեծապէս տուժած է: Ոստիկանները սակայն չեն բաւարարուած միայն եկեղեցւոյ վրայ յարձակմամբ, անոնք գողցած են հոն գտնուող որոշ պատմական իրեր, կը գրէ «Արցախփրես»ը:
Միջագետքի հայերու միութեան նախագահ Արաթ Քարակէօզեան գործակալութեան յայտնած է, որ հայերը կը պատրաստուին դատական գործ յարուցել փաստի առնչութեամբ: Ան նշած է, թէ եկեղեցին կրած է մօտ 300 հազար թրքական լիրա գումարի չափով վնաս:
«Ոստիկանութիւնը եկեղեցի մտած է` կոտրելով պատմական դուռերը: Ակնյայտ է, որ մեծ յարձակում գործուած է եկեղեցւոյ վրայ: Գողցուած են յախճապակիի վրայ եղած 6 պատմական նկարները, ինչպէս նաեւ պահեստին մէջ գտնուող փորագրուած պատմական քարերը», յայտնած է Քարակէօզեան:
Մինչ այդ Սուրի շրջանին մէջ ոստիկաններու եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան անդամներուն միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն հետեւանքով՝ տուժած էր Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին: