Չորեքշաբթի, 14. 05. 2025

spot_img

«Լրագրողներ Առանց Սահմաններու»ն Յորդորած է Թուրքիոյ Իշխանութիւններուն Դադրեցնելու Գրաքննութիւնը

Միջազգային «Լրագրողներ առանց սահմաններու» (Reporters Without Borders) կազմակերպութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակած է` յայտնելով իր խորին մտահոգութիւնները Թուրքիոյ մէջ մամուլի նկատմամբ իրականացուող գրաքննութեան դէպքերուն առնչութեամբ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կազմակերպութիւնը նշած է, որ այնպիսի գործողութիւններ, ինչպէս օրինակ «Տողան» մետիա ընկերութեան դէմ սկսած հետաքննութիւնը, «Նոքթա» ամսագրի խմբագրութեան վրայ ոստիկանութեան յարձակումը կամ «Ջումհուրիէթ» թերթի կայքի արգելափակումը, երկրին մէջ գրաքննութեան չափերը աւելի կ՛ընդլայնեն:

«Գրաքննութեան այս ալիքը անհանդուրժող է, հակասահմանադրական եւ կը խախտէ կառավարութեան միջազգային բոլոր պարտաւորուածութիւնները: Նմանօրինակ քայլերը ոչ միայն կը սահմանափակեն մետիայի ազատութիւնը, այլեւ կը մեծցնեն լարուածութիւնը եւ կը խորացնեն հասարակութեան մէջ առկայ տարանջատումը: Մենք կոչ կ՛ուղղենք իշխանութիւններուն դադրեցնելու իրադրութիւնը աւելի վատացնելու քաղաքականութիւնը եւ փոխարէնը օգնել թոյլ տալու ժողովրդավարական քննարկումները»,­ նշած է «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ գրասենեակի ղեկավար Ճոհան Պիրը:

Կազմակերպութիւնը յայտարարութեան մէջ յիշեցուցած է, որ Թուրքիան 2015 թուականի մամուլի ազատութեան ցուցակին մէջ, 180 երկիրներու շարքին ընդամէնը 149-րդ­ն է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին