Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Սեպտեմբեր 18ին մասնակցած է Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Ֆրանսայի պուրակին մէջ քանդակագործ Թորոս Ռասթկելէնեանի «Յաւերժութիւն» արձանի բացման եւ «Փոլ Էլիւարի տուն» ֆրանքոֆոնիայի կեդրոնի հիմնարկէքի հանդիսաւոր արարողութեան, կը հաղորդէ «Արցախփրես»ը:
Իր խօսքին մէջ Նախագահ Սահակեան նշած է, որ Արցախ-Ֆրանսա բարեկամութիւնը կը թեւակոխէ նոր փուլ` ընդգծելով, որ Ֆրանսայի հետ բարեկամական յարաբերութիւններու խորացումը մեր արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի կարեւորագոյն ուղղութիւններէն մէկն է:
«Ի դէմս Ֆրանսիայի մենք ունենք հզօր ու քաղաքակիրթ բարեկամ երկիր, որի հետ կապուած ենք բազմաթիւ խողովակներով: Ես լաւատես եմ մեր երկկողմ յարաբերութիւնների ապագայի հանդէպ, քանի որ տեսնում եմ անկեղծ ձգտում եւ հաստատակամութիւն մեր եղբայրական կապերը զարգացնելու ուղղութեամբ», նշած է երկրին ղեկավարը:
Ձեռնարկին կը մասնակցէին Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի խումբ մը պատգամաւորներ եւ պաշտօնեաներ, հիւրեր արտերկրէն եւ Սփիւռքէն, պաշտօնատար այլ անձիք: