Հայաստանի արեւելեան հատուածէն՝ Հայաստանի Հանրապետութենէն (ՀՀ), Հայաստանի արեւմտեան հատուած՝ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւեալ Արեւմտահայաստան զբօսաշրջիկ գացող հայերու անվտանգութեամբ մտահոգուած, ՀՀի խորհրդարանին մէջ հարցադրում կ՛ըլլայ այս գծով, իսկ մտահոգութեան պատճառը այն է, որ բռնագրաւեալ Արեւմտահայաստանի հողին վրայ թուրք-քրտական բախումներ կ՛ըլլան։
Հայոց հողէն հայոց հող հայը նոյնիսկ զբօսաշրջիկ երթալու համար կը մտահոգուի, որովհետեւ հայոց բռնագրաւեալ հողին տիրող եկուորները իրար հետ կը կռուին՝ անոր տէր դառնալու մոլուցքով։ Իսկ հայերս պահանջատիրութիւն եւ Հայ Դատ կը հետապնդենք․․․։
«Խմբ.»
ՀՀ Ազգային ժողովին կառավարութեան հետ հարց ու պատասխանի ընթացքին, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Շուշան Պետրոսեան Հայաստանի ԱԳ նախարարութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեց՝ թուրք-քրտական բախումներու ծիրէն ներս, դէպի Արեւմտեան Հայաստան ուղեւորութիւններ կազմակերպող զբօսաշրջութեան գործակալութիւններու գործունէութեան վրայ:
Շուշան Պետրոսեանի յայտնած մտահոգութեան ի պատասխան, ՀՀ ԱԳՆ Էտուարտ Նալպանտեան ըսաւ․«Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարութիւնը պարբերաբար կը զգուշացնէ զբօսաշրջութեան ընկերութիւնները՝ հակամարտութեան գօտի համարուող տարածքներ չայցելել: Նոյն ձեր բարձրացուցած հարցը մենք դարձալ լրջութեամբ կ’ուսումնասիրենք, կը տեսնենք ինչ ուղղութիւններով կը կազմակերպուին ճամբորդութիւնները եւ եթէ հարկ ըլլայ, համապատասխան յայտարարութիւն կ’ընենք»։