Շաբաթ, 14. 09. 2024

spot_img

Ղարաբաղի Հայերը Չեն Ատեր Ատրպէյճանցիները. Իտալական Պարբերական

Լեռնային Ղարաբաղի հայերը չեն ատեր ատրպէյճանցիները ոչ ցեղային, ոչ ալ կրօնական նկատառումներով:

«Արցախփրէս»-ի փոխանցմամբ` իտալական Notizie Vangeliche (Աւետարանական նորութիւններ) պարբերականի յօդուածին մէջ կ’ըսուի.

«Ասիկա պատերազմ է, որ կու գայ հեռու անցեալէն: Երբ ստեղծուեցաւ Խորհրդային Միութիւնը, բարձրացաւ վիճելի տարածքներու ազգային տարանջատման հարցը: ԼՂ-ի մէջ Սթալինի ընտրութիւնը կանգ առաւ Ատրպէյճանի վրայ, թէեւ հայերը կը կազմէին Ղարաբաղի բնակչութեան 90 տոկոսը:

Ատիկա տեղի ունեցաւ այն պատճառով, որ Խորհրդային Միութիւնը լաւ յարաբերութիւններ ունէր Թուրքիոյ հետ: Ինչպէս Կովկասի գրեթէ բոլոր տարածաշրջաններուն մէջ,  հակամարտութիւնները պայմանաւորուած են Կեդրոնի քաղաքականութեամբ: Բայց ԽՍՀՄ փլուզումէն ետք պատերազմը իրեն երկար սպասեցնել չտուաւ:

Osservatorio Balcani e Caucaso պարբերականի լրագրող Սիմենօ Ձոպելլարոն, որ վերջերս այցելած է Ղարաբաղ, կը նշէ. «Խաղաղութեան ցանկութիւն կայ եւ այն մեծ է: Ես չեմ տեսած եւ չեմ լսած ատրպէյճանցիներու նկատմամբ ոչ էթնիկ, ոչ կրօնական ատելութեան մասին: Քաղաքացիական հասարակութիւնը շատ  խաղաղութիւն ու բնականոն կեանք կը ցանկայ: Երբ կը սկսիս ծանօթանալու մարդոց հետ, կը տեսնես, որ չկայ  ընտանիք մը, որ զոհ չէ տուած պատերազմի ժամանակ»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին