Travel.ru զբօսաշրջային ծառայութիւնը պարզած է, թէ 2015 թուականին ԱՊՀ երկիրներուն մէջ որ ուղղութիւններուն նախապատուութիւն տուած են ռուս զբօսաշրջիկները: Վարկանիշը կազմուած է ԱՊՀ հիւրանոցներուն մէջ այս տարուան ընթացքին ռուս զբօսաշրջիկներու ըրած նախնական պատուերներու տուեալներով: Խօսքը այն զբօսաշրջիկներու մասին է, որոնք ճամբորդած են որպէս անհատներ, կը գրէ News.am-ը:
Ռուսաստանի քաղաքացիներու համար ամենամեծ ժողովրդականութիւն վայելող ԱՊՀ քաղաքներու լաւագոյն տասնեակին մէջ են Մինսքը, Քիեւը, Ալմա Աթան, Պաքուն, Երեւանը, Ասթանան, Վիտեպսկը, Պիշքէքը, Թաշքենտը ու Քիշնեւը:
Ռուս զբօսաշրջիկներու կողմէ` ԱՊՀ ամենասիրուած երկիրներու հնգեակը կը ղեկավարէ Պելառուսիան, որուն բաժին կը հասնի բոլոր ուղեւորութիւններու 37 տոկոսը: Ուքրանիային` 22 տոկոսը, Ղազախիստանին ` 16 տոկոսը, Ատրպէյճանին` 9 տոկոսը, Հայաստանին` 7 տոկոսը: ԱՊՀ մնացած երկիրներուն բաժին կը հասնի 10 տոկոսէն ալ քիչ:
Travel.ru տուեալներով` Ռուսաստանի քաղաքացիներուն Հայաստան կատարած ուղեւորութիւններու առցան ամրագրումներուն թիւը անցեալ տարուան հետ համեմատ մէկ երրորդով աճած է: Ռուս զբօսաշրջիկները այս տարի Հայաստանի մէջ անցուցած են միջինը 3.5 օր եւ հիւրանոցի մէջ ծախսած են օրական 65 տոլար:
Համեմատութեան համար ըսենք, որ Պաքուի մէջ զբօսաշրջիկները հիւրանոցի մէջ կը ծախսեն օրական միջինը 78, Քիեւի մէջ եւ Ալմաթայի մէջ ` 87 տոլար: ԱՊՀ–ի մէջ ամենաաժան մայրաքաղաքը Պիշքեքն է (օրական 30 տոլար), իսկ ամենասուղը ` Ասթանան (օրական 115 տոլար):
Ամառային շրջանին արդիւնքներով ` ռուս զբօսաշրջիկներուն համար Սեւանը հինգերորդ տեղը կը զբաղեցնէ ԱՊՀ երկիրներու ամենասիրուած հանգստավայրերու շարքին:
ԱՊՀ ամենասիրուած հանգստավայրերու լաւագոյն հնգեակին մէջ են Իսըկ Կուլյ լիճը ` (Խրխզիստան), Նարոչ լիճը (Պելառուս), Պորովոէն (Ղազախստան), Նաբրանը (Ատրպէյճան) ու Սեւանը (Հայաստան):