Կազմակերպութեամբ Հայ Աւետ. Գոլէճի (ՀԱԳ) Տիկնանց ընկերային յանձնախումբին, Երեքշաբթի 8 Սեպտեմբեր 2015-ին տեղի ունեցաւ պտոյտ դէպի Լիբանանի տեսարժան վայրերը։ Պտոյտին իրենց մասնակցութիւնը բերին մօտաւորապէս 100 հոգիներ, որոնք վարժարանի ծնողներ էին, աշակերտներ, ՀԱԳ-ի բարեկամներ, նաեւ հիւրեր։
Առաջին վայրը, ուր կանգ առին հանրաշարժները՝ Ժիպէյլի Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանն էր։ Մասնակիցները մեծ հետաքրքրութեամբ եւ յուզումով մուտք գործեցին թանգարանէն ներս, մօտէն ծանօթանալու Ցեղասպանութենէն վերապրած որբերու պատմութեան, որ ներկայացուած էր նկարներով, լսատեսողական արդիական միջոցներով, իրերով, գիրքերով, գրութիւններով, տեսաերիզով, եւայլն։ Թանգարանի պատասխանատուներ Ռիթա Գալինճեան եւ Պսակ վրդ. Թեփիրճեան, մանրամասն բացատրութիւններ տուին որբերու ապրած կեանքին ու թանգարանէն ներս ցուցադրուած նկարներուն եւ իրերուն մասին։ Մասնակիցները ուշադրութեամբ հետեւեցան տրուած բացատրութիւններուն եւ մեծապէս գնահատեցին այս ողջունելի նախաձեռնութիւնը՝ թանգարանի կառուցումը բարերարութեամբ Ալեքքօ Պէզիքեանի։
Թանգարանէն ետք հանրաշարժները ուղղուեցան դէպի Սրբուհի Ռաֆաայի եւ Ս. Հարտինիի վանքերը, ուր կրկին ծանօթացան իւրաքանչիւրին ապրած կեանքին եւ գործունէութեան։
Կէսօրէ ետք ժամը 2։00-ին հանրաշարժները հասան Զղարթայի Պնաշիի լիճի ճաշարան։ ՀԱԳ-ի Տիկնանց ընկերային յանձնախումբի անունով Մարալ Մխսեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին՝ իրենց մասնակցութեան եւ քաջալերանքին համար։ Ան նկատել տուաւ, որ ասիկա առաջին պտոյտն էր, որ կը կազմակերպէր յանձնախումբը եւ խոստացաւ յառաջիկային կրկին նման պտոյտներ կազմակերպել։ Մասնակիցները մեծապէս գնահատեցին տարուած աշխատանքը եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեցին յանձնախումբին՝ իրենց աշխատանքներուն մէջ։