Չորեքշաբթի, 26. 03. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Համերգներ Թոքիոյի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս եւ Ճափոնի մէջ ՀՀ դեսպանութեան ու ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան համագործակցութեամբ եւ հովանաւորութեամբ՝  Սեպտեմբեր 7-11 համերգային շրջագայութեամբ Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիօ կը գտնուէր Արամ Խաչատրեանի անուան եռեակը` դաշնակահար Արմինէ Գրիգորեան, ջութակահար Կարէն Շահգալդեան եւ թաւջութակահար Կարէն Քոչարեան:

ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութեան փոխանցմամբ` Սեպտեմբեր 8-ին եռեակը համերգով հանդէս եկած է Թոքիոյի «Լիւթեր Իչիկայա» կեդրոնին, իսկ Սեպտեմբեր 11-ին «Սանդորի հոլ» հեղինակաւոր համերգասրահին մէջ: Երաժիշտները կատարած են Արամ Խաչատրեանի, Առնօ Պապաճանեանի եւ Փէօթր Չայքովսկիի ստեղծագործութիւնները:

Համերգներուն ներկայ եղած են հարիւրաւոր ճափոնցիներ, Թոքիոյի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին