Հայաստան Տաճիկիստանէն ստանձնեց Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան՝ ՀԱՊԿի նախագահութեան հերթափոխը: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանի աւարտին:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան առաջարկած Է ՀԱՊԿի ծիրէն ներս ստեղծել խաղաղապահներու պատրաստման կազմակերպութիւն: «Ռիա Նովոսթի»ի փոխանցմամբ ան նշած է, որ ՀԱՊԿի մէջ Հայաստանի նախագահութեան ընթացքին մեծ ուշադրութիւն պիտի դարձուի խաղաղապահ գործողութիւններուն:
«Եկել Է ՀԱՊԿի խաղաղապահների պատրաստման համար բազային կազմակերպութիւն ստեղծելու ժամանակը: Որպէս այդ բազային կազմակերպութեան հիմք, առաջարկում ենք դիտարկել Հայաստանի զինուած ուժերի խաղաղապահ պրիկատի պատրաստման կեդրոնը: Մենք պատրաստ ենք ներկայացնել տարբեր գործողութիւնների աւելի քան տասնամեայ մասնակցութեան ընթացքում կուտակուած փորձը», յայտարարած Է ՀՀ նախագահը ՀԱՊԿի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի` Տուշանպէի մէջ կայացած նիստի ընթացքին:
Նշենք, որ Տաճիկիստանի մայրաքաղաք Տուշանպէի մէջ մեկնարկած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանը: Նիստը սկսած է նեղ կազմով բանակցութիւններով, որուն կը մասնակցին Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին, Պելառուսիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ալեքսանդր Լուկաշենքօ, Ղազախիստանի Հանրապետութեան նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Խրխզիստանի Հանրապետութեան նախագահ Ալմազբեկ Աթամպաեւ, Տաճիկիստանի Հանրապետութեան նախագահ Էմոմալի Ռահմոն եւ Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան:
ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու ղեկավարները նեղ կազմով բանակցութիւններէ ետք նիստը պիտի շարունակեն ընդլայնուած ձեւաչափով` պատուիրակութիւններու անդամներուն մասնակցութեամբ: