Իտալիոյ Սարտինիա կղզիի Մանտաս քաղաքին մէջ, Ճանապարհորդական գրականութեան միջազգային 9-րդ փառատօնի ծիրէն ներս իրականացուելիք երկու տարբեր ձեռնարկներով՝ պիտի յիշատակուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը:
Ըստ Artsakhpress.am-ի փառատօնի բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 25-ին, Իտալա-արաբական «Ասատաքահ» կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած լուսանկարներու ցուցահանդէսով, որ կը կրէ «Լռութեան 100 տարին. Հայոց Ցեղասպանութեան վերջին վերապրածները» խորագիրը: Ներկայացուելիք լուսանկարներու հեղինակը Ռոմոլօ Էուգալիդդոն է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան վերջին վերապրածները լուսանկարած է լրագրող Ալեսանտրօ Արամուի հետ՝ Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին։
Բացման արարողութեան ներկայ պիտի գտնուին Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Սարգիս Ղազարեան, «Ասատաքահ»ի Իտալիոյ գրասենեակի տնօրէն Ռայմոնտօ Շիաւոնէ, ինչպէս նաեւ Մանտասի քաղաքապետ Մարքօ Փիսանոն: Ցուցադրութենէն բացի փառատօնի փակման արարողութեան ժամանակ` Սեպտեմբեր 27-ին, պիտի ներկայացուի Հայաստան կատարած այցի հիման վրայ ստեղծուած գիրքը, որ կը կրէ «Հայոց Ցեղասպանութիւն. լռութեան 100 տարի. վերջին վերապրածներու իւրայատուկ պատմութիւնները» խորագիրը:
«Հայոց Ցեղասպանութիւն. լռութեան 100 տարի. վերջին վերապրածներու իւրայատուկ պատմութիւնները» գիրքը, իտալախօս ընթերցողներուն կը պատմէ հայ ժողովուրդի մէկդարեայ ցաւին ու Թուրքիոյ մէկդարեայ ժխտման մասին: Աշխատութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես-վերապրողներու պատմութիւններու կողքին՝ կը ներկայացնէ պատմական իրողութիւնը փաստական կողմերով: Գիրքին համահեղինակներն են իտալացի լրագրողներ Ալեսանտրօ Արամուն, Ճիան Միքալեսսին եւ Աննա Մացոնէն: «Ասատաքահ» կեդրոնը լրագրողական առաքելութիւն իրականացուցած էր Հայաստան` պատրաստելու 20-րդ դարասկիզբի մարդկութեան դէմ գործուած մեծագոյն ոճիրին մասին աշխատութիւնը: