Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

Գանատայի Մէջ Կայացաւ Մեթիու Քարանեանի «Պատմական Հայաստան. 100 Տարի Անց» Գիրքին Շնորհանդէսը

Գանատայի ՀՀ դեսպանատան մէջ Սեպտեմբեր 12-­ին տեղի ունեցած է Մեթիու Քարանեանի «Պատմական Հայաստան. 100 տարի անց» գիրքին շնորհանդէսը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը:

Մեթիու Քարանեան հայկական առաջին ճամբորդական ուղեցոյցի հեղինակն է, որպէս իրաւաբան կ՛աշխատի ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգին մէջ, իսկ 2002-­2006 թուականներուն դասախօսած է Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին մէջ:

Իր ուղերձին մէջ Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան ներկայացուցած է հիւրերուն հեղինակին կատարած աշխատանքը եւ խօսքը փոխանցած է անոր: Մեթիւ Քարանեան հանդէս եկած է պատմական Հայաստանի մինչեւ այսօր կանգուն մշակութային արժէքները ներկայացնող, ինչպէս եւ կորսուած ժառանգութիւնը փաստող լուսանկարներով համեմուած դասախօսութեամբ: Արեւմտեան Հայաստանի վեց նահանգներու, ծպտեալ հայերու, հայկական եկեղեցաշինութեան վերաբերեալ ներկայացումը արժանացած է ներկաներու ջերմ ընդունելութեան:

Դեսպանութեան հովանաւորութեամբ Մեթիու Քարանեան իր նոր գիրքը հանրութեան ներկայացուցած է նաեւ Մոնրէալ եւ Թորոնթօ քաղաքներուն մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին