Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Արցախի Նախագահը Ծանօթացած Է Սահմանագիծին Վրայ Տիրող Վիճակին

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Սեպտեմբեր 14-ին այցելած է հանրապետութեան հարաւարեւելեան սահմանագիծերէն մէկը, ծանօթացած հոն տիրող իրավիճակին եւ զինուորներու ծառայութեան ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ Արցախի նախագահի մամուլի եւ տեղեկատուութեան գրասենեակը։

Բակօ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է զինուորներուն` երկրին սահմանները անսասան պահելու, մարտական բարձր ոգի եւ հայրենասիրութիւն ցուցաբերելու համար` ընդգծելով, որ զինուած ուժերու մարտունակութեան հետեւողական բարձրացումը եղած է եւ կը մնայ պետութեան առջեւ ծառացած կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը:

Նախագահին ընկերակցած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հանրային խորհուրդի խումբ մը անդամներ, պաշտօնատար այլ անձեր:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին