Եւրոպայի մէջ փախստականներու ճգնաժամը սկսելէն ետք, Հայաստան քանի մը հազար սուրիացիներ ընդունած է, մասնաւորաբար քրիստոնէական հայկական համայնքի ներկայացուցիչներ: Այդ մասին news.am-ի փոխանցմամբ կ’ըսուի BBC News-ի յօդուածին մէջ:
ՄԱԿ-ի փախստականներու գործակալութեան (UNHCR) տուալներով, ճգնաժամի սկիզբէն մինչ այսօր 15 հազար սուրիացիներ հաստատուած են Հայաստան:
Փախստականներուն մեծ մասը Ցեղասպանութենէն փրկուածներու ժառանգներն են: 1915էն ետք Տէր Զօրի շրջանը դարձած էր՝ անապատի մէջէն անցնող “մահուան երթ”էն փրկուած հայերու կեցութեան հիմնական վայրը:
Բայց մէկ դար անց սուրահայերը կ’ուղեւորուին Պէյրութ, ուրկէ օդանաւերով կու գան Հայաստան: