Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

«Քէմփ Արմէն՝ Մեր Աթլանթիսը» Խորագիրով Զօրակցութեան Համերգ

Կէտիքփաշա թաղի Հայ աւետարանչական եկեղեցւոյ սեփականութիւն ըլլալով հանդերձ, ապօրէն կերպով գրաւուած «Քէմփ Արմէն» ճամբարի պահպանման դիմադրութիւնը կը շարունակուի: «Նոր Զարթօնք» շարժումի նախաձեռնութեամբ գոյացած զօրակցութիւնը կը շարունակէ ճամբարի տարածքէն ներս հերթապահութիւնը:

Այս նիւթին շուրջ հասարակութեան ուշադրութիւնը վար պահելու միտումով, ձեռնարկուած է երաժշտական միջոցառում մը: «Նոր Զարթօնք» շարժումի գործիչներէն Նորայր Օլկարի «Ակօս»-ին փոխանցած տեղեկութեան համաձայն՝ համերգը պիտի կրէ «Քէմփ Արմէն՝ մեր Աթլանթիսը» խորագիրը:

Ուրբաթ, 18 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Շիշլիի «Քենչ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ կայանալիք համերգին մասնակցութիւն պիտի բերեն Քարտեշ Թիւրքիւլեր, Մեթին-Քեմալ Քահրաման, Իլքայ Աքքայա, Այշէնուր Քոլիվար, Եաշար Քուրթ, Արթիւր Պաղտասարեան, «Սայեաթ Նովա» երգչախումբ, Սիպիլ Փէքթորոսօղլու, Լիտա Քէօսէօղլու եւ Պարթեւ Կարեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին