Երեքշաբթի, 10. 09. 2024

spot_img

Հակառակորդը Անկանոն Բնոյթի Կրակոցներ Կ՛արձակէ Սահմանագօտիին Վրայ

Հրադադարի խախտման պարբերականութիւնը նուազած է: Այս մասին ըստ News.am-ի, յայտնած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն` անդրադառնալով սահմանային իրավիճակին:

Ըստ աղբիւրին սահմանագօտիին վրայ հակառակորդին կողմէ կ՝արձանագրուին անկանոն բնոյթի կրակոցներ, սակայն հայկական կողմը կը վերահսկէ իրավիճակը:

Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 1-ին քանի մը օր լարուած իրավիճակ էր հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ: Հակառակորդը պարբերաբար կը գնդակոծէր Տաւուշի մարզի սահմանամերձ գիւղերը: Մոսկուայի մէջ Սեպտեմբեր 7-ին տեղի ունեցած Սարգսեան-Փութին հանդիպումէն յետոյ իրավիճակը հանդարտած է:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին