Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

«Իսկական Խուճապ Կայ Ազրպէյճանական Գիւղերուն Մէջ». Գագիկ Մելիքեան

Վերջին օրերուն հակառակորդին յարձակումներուն հետեւանքով ստեղծուած լարուած վիճակները՝ Հայաստանի սահմանամերձ տարածքներուն մէջ խուճապային վիճակ չեն յառաջացուցած:

Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին՝ ըստ artsakhpress.am-ի այս մասին ըսած է ՀՀ Ազգային ժողովի Հանրապետական խմբակցութեան անդամ Գագիկ Մելիքեան, որ պարբերաբար կ՛ըլլայ սահմանամերձ գիւղեր:

«Ահաւոր լարուած է վիճակը Տաւուշի մարզին կից ազրպէյճանական գիւղերում», ըսած է  պատգամաւորը տեղեկացնելով, որ այդ հատուածին մէջ ազրպէյճանական գիւղերու  բնակիչներուն 50 տոկոսէն աւելին փախուստի  դիմած են:

«Դիտարկումները ցոյց են տուել, որ գիւղերը դատարկ են, քանի որ անասուններն անտէր թափառում են: Խուճապային իսկական վիճակ է ազրպէյճանական գիւղերում. սահմանամերձ Այգեպար, Չինարի եւ Ոսկեւան գիւղերի դիմացի սահմանամերձ ազրպէյճանական Ալիպելի, Աղտամ եւ Թաթըլլի գիւղերը գրեթէ ամբողջութեամբ դատարկ են», ըսած է Գագիկ Մելիքեան:

Պատգամաւորը նաեւ նշած է, որ այս լարուածութեան ետին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն հանդիպումը բաւական լուրջ ազդակ է:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին