Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

Թուրքիա Ետ Կ՛ուղարկէ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Պատճառով Կանչուած Իր Դեսպանները

Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, 1915 թուականին տեղի ունեցածը որպէս Ցեղասպանութիւն ճանչցած երկիրներէն, իր դեսպանները ետ կանչած Թուրքիոյ բողոքի այդ քայլը տեւեց չորս ամիս:

Ըստ «Արցախփրես»ի՝ «Ճումհուրիէթ» թերթի կայքը կը փոխանցէ, որ Լիւքսեմպուրկէն ետ կանչուած Թուրքիոյ դեսպանը արդէն վերադարձած է իր աշխատավայրը:

Այժմ պաշտօնին վերադառնալու համար օրերը կը հաշուեն Վատիկանի, Պրազիլի եւ Աւստրիոյ մէջ թուրք դեսպանները:

Լիւքսեմպուրկի դեսպանը ետ վերադարձնելու որոշումը կայացուցած է արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու` Լիւքսեմպուրկ կատարած այցի ընթացքին:

Յիշեցնենք, որ այս տարի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած վերոնշեալ չորս երկիրներէն, Թուրքիա ետ կանչած էր իր դեսպանները «խորհրդակցութեան նպատակով»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին