Ուրբաթ, 18. 04. 2025

spot_img

Բակօ Սահակեան Բանակի Բարձրագոյն Հրամանատարական Կազմին Հետ Խորհրդակցութիւն Ունեցաւ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Սեպտեմբեր 11-ին աշխատանքային խորհրդակցութիւն ունեցաւ Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի (ՊԲ) բարձրագոյն հրամանատարական կազմին հետ` պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանի գլխաւորութեամբ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան հաղորդմամբ, քննարկուած են բանակաշինութեան, ղարաբաղա-ազրպէյճանական զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակին եւ զինծառայողներու ընկերային պայմաններու բարելաւման վերաբերող հարցեր:

Երկրին ղեկավարը յստակ յանձնարարականներ տուած է քննարկուած հարցերու լուծման ուղղութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին