Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Արցախեան Գինիի Երկրորդ Փառատօնը Պիտի Կայանայ 17 Հոկտեմբերին

Արդէն աւանդական դարձած Արցախեան գինիի փառատօնը այս տարի պիտի կայանայ Հոկտեմբեր 17-ին, Լեռնային Ղարաբաղի Հատրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ՝ Տողի Մելիքական ապարանքի յարկին տակ: Ըստ News.am-ի փառատօնի կազմակերպիչները հաստատած են, որ այս անգամ ալ փառատօնը պիտի կազմակերպուի ժամանցի, ուրախութեան ու արձակուրդի ոգիով: Փառատօնը կ՛ընդգրկէ արցախեան գինիի եւ բերքի ցուցահանդէս-վաճառք, հարուստ համերգային ծրագիր, աւանդական խաղեր, ձեռային աշխատանքներու ցուցահանդէս:

Գինիի տօնավաճառին պիտի ներկայացուին գինեգործութեամբ յայտնի Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր շրջանները, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն գինեգործներ:

Արցախեան գինիի երկրորդ փառատօնը կազմակերպուած է Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսութեան նախարարութեան կողմէ՝ անձնական ընկերութիւններու հետ համագործակցութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին