Չորեքշաբթի, 26. 03. 2025

spot_img

Վալանսի Մէջ Բացուած է «Մենք Ենք Ապագան. Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերը» Խորագիրով Ցուցահանդէս

Ֆրանսայի Վալանս քաղաքի Հայկական ժառանգութեան կեդրոնին մէջ բացուած է ցուցահանդէս՝ «Մենք ենք ապագան. Հայոց Ցեղասպանութեան որբերը» խորագիրով:

«Արցախփրես»ը կը փոխանցէ՝վկայակոչելով Nouvelles d’Armenie-ն, որ ցուցադրութեան ներկայացուած են արխիւային փաստաթուղթեր եւ լուսանկարներ, որոնք կ՛առնչուին Ցեղասպանութենէն փրկուած երիտասարդ հայ կանանց եւ տղամարդոց, որոնք այդ ողբերգութեան հետեւանքով զրկուած են իրենց մանկութենէն:

Ցուցահանդէսը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Սեպտեմբեր 20, կը պատմէ այն որբ երախաներուն, տղամարդոց եւ կանանց պատմութիւնները, որոնք վերապրած են Ցեղասպանութիւնը եւ դարձած հայ ժողովուրդի ապագան:

Ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցած է Սեպտեմբեր 9-ին: Ներկայ եղած են պատգամաւոր Փաթրիք Լապոն, Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլա Տարակոն, Հայկական ժառանգութեան կեդրոնի տնօրէն Լոր Փիաթօ եւ այլք:

Ցուցադրութեան կազմակերպիչ Անթոնի Պետրոսեան ընդգծած է անոր կայացման կարեւորութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Ան նշած է, որ ցուցահանդէսը հնարաւոր եղած է կազմակերպել տարբեր պետութիւններու եւ անհատներու արխիւներէն հաւաքուած՝ լուսանկարներու եւ աղբիւրային նիւթերու շնորհիւ: Պետրոսեան շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր անոնց, որոնց շնորհիւ ցուցահանդէսի կազմակերպումը հնարաւոր եղած է:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին