Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Էտուարտ Նալպանտեան Միացեալ Թագաւորութիւն Պիտի Այցելէ

Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին գործոց եւ համագործակցութեան հարցերով պետական քարտուղար Ֆիլիփ Համոնտի հրաւէրով՝ 9-10 Սեպտեմբերին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան պաշտօնական այց պիտի կատարէ Լոնտոն:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան փոխանցումով` Միացեալ Թագաւորութեան մայրաքաղաքին մէջ Էտուարտ Նալպանտեան հանդիպումներ պիտի ունենայ իր բրիտանացի գործընկերոջ` Ֆիլիփ Համոնտի, Եւրոպայի հարցերով նախարար Տէյվիտ Լիտինկթընի, մշակոյթի, տեղեկատուութեան ու սփորթի պետական քարտուղար Ճոն Ուիթինկտէյլի հետ:

Այցելութեան ծիրէն ներս նախատեսուած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ Էտուարտ Նալպանտեանի ելոյթը, Միջազգային յարաբերութիւններու թագաւորական ուսումնարանին՝ Չեթըմ Հաուզի (Chatham House) մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին