Երկուշաբթի, 24. 03. 2025

spot_img

Երկու Հայկական Ֆիլմեր Վարշաւայի Շարժանկարի Միջազգային Փառատօնին Արժանացած Են Մրցանակի

Վարշաւայի մէջ 2015ի Սեպտեմբեր 8-ին կայացած՝ Պատմական եւ ռազմական ֆիլմերու միջազգային 6-րդ փառատօնի մրցանակաբաշխութեան արարողութեան ժամանակ, շարժանկարի փառատօնին Հայաստանէն ներկայացուած Վրէժ Պետրոսեանի «Ուրիշ Հայրենիք. Մարիա Եաքոպսընի օրագրութիւնը» ֆիլմը արժանացած է փառատօնի հովանաւոր, Լեհական բանակի ուղղափառ թեմի մրցանակին:

Ճիւան Աւետիսեանի Արցախի պատերազմին նուիրուած «Թեւանիկ» ֆիլմը, արժանացած է փառատօնի կազմակերպիչ «Ռազմական գիտութեան ընկերակցութեան» մրցանակին: Այս մասին Ֆէյսպուքի (Դիմատետր) իր էջին մէջ գրած է Լեհաստանի մօտ Հայաստանի դեսպան Էտկար Ղազարեան:

«Ի դէպ «Թեւանիկ» ֆիլմը ցուցադրուած է նաեւ այս տարի Յուլիսին, Լեհաստանի Լիւպլին քաղաքին մէջ «Արեւելքի մշակոյթ» ծրագիրի ծիրէն ներս: Կը շնորհաւորենք շարժանկարի հայ գործիչները եւ կը մաղթենք յետագայ յաջողութիւններ ու միջազգային պարգեւներ», նշած է Էտկար Ղազարեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին