Շաբաթ, 14. 09. 2024

spot_img

Անմոռուկը Մոնթրէալի Քաղաքապետարանին Առջեւ

2015 Մայիսի կէսերէն մինչեւ Սեպտեմբերի վերջը, Մոնթրէալի քաղաքապետարան այցելողը մուտքին կը տեսնէ մեծ բուսախճանկար մը (mosaïculture), որ գունաւոր ծաղիկներով ու բոյսերով հարազատ պատկերը կը ներկայացնէ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարբերանշան հանդիսացող անմոռուկին, այն անմոռուկին, որ կը զետեղուի Մեծ Եղեռնի յիշատակման բոլոր ձեռնարկներու ազդերուն եւ անոր առնչուող բոլոր հրապարակումներուն վրայ, կը գրէ «Հորիզոն» շաբաթաթերթը։

Խճանկարին ներքեւ նաեւ ցուցատախտակի մը վրայ նշուած է առիթը`100e anniversaire du génocide arménien – 24 avril 2015 (100 Ամեակ Հայոց Ցեղասպանութեան – 24 Ապրիլ 2015)։

Այս նախաձեռնութիւնը արդիւնք է Park Extension ընտրաշրջանի հայազգի ներկայացուցիչ Մարի Տերոսի եւ քաղաքապետութեան Գործադիր վարչութեան փոխ նախագահ Յարութիւն Շիթիլեանի ջանքերուն։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին