Ազրպէյճանի մէջ մշտապէս կը զգացուի հակահայկական ազգայնամոլութիւնը` ջղաձգութիւն, անմիտ եւ վտանգաւոր: Այս մասին ըստ Artsakhpresss.am-ի, «Nouvelles d’Armenie» պարբերականին տուած հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է ֆրանսացի փիլիսոփայ Միշել Օնֆրէն, որ այս տարուան Յուլիսին այցելած էր Ազրպէյճան:
Ան այդ երկիր մեկնած էր իր ընկերոջ` երգահան Փիեռ Տիլուայի հրաւէրով: Անդրադառնալով ուղեւորութենէն ստացած իր տպաւորութիւններուն՝ Օնֆրէն ըսած է, որ ընկերութեան պատճառով չի փափաքիր մանրամասներ նշել: «Բայց ես սարսափելի անյարմարաւէտութեան զգացողութիւն ունէի», նշած է ան:
Պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօ՞ք Ազրպէյճանի մէջ հակահայկական ռասիզմ՝ ազգայնամոլութիւն զգացած է, ֆրանսացի փիլիսոփան պատասխանած է. «Մշտապէս…։ Ատիկա ջղաձիգ, ոչ խելամիտ, վտանգաւոր էր»: Միշել Օնֆրէն նաեւ նշած է, որ կը սատարէ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքին:
Արեւելեան աւատապետական մտածողութեամբ եւ նաֆթային հարստութեամբ արբեցած ազերիա-թրքական ազգայնամոլութիւնը, արդէն նաֆթի պաշարներու պակսելուն հետ, որ ազրպէյճանական դրամանիշի՝ Մանաթի արժեզրկման պատճառ կը դառնայ, ի վերջոյ այդ պաշարներու վերջանալուն հետ ինք ալ պիտի չքանայ։