Վիրահայոց թեմի Սուրբ Մովսէս Խորենացի նախակրթարանը, 2015-2016 ուսումնական տարուան ընթացքին հայերէն պիտի սորվեցնէ՝ Վրաստանի մէջ բնակող աւելի քան 50 մանուկներու:
Վիրահայոց թեմի փոխանցմամբ այս թիւը մեծ է, եթէ հաշուի առնենք այն պարագան, որ նախակրթարանը ընդամէնը քանի մը տարուան կեանք ունի: «Այս տարի նորեկներու թիւը հասած է 20-ի եւ կ՛ակնկալուի, որ այդ թիւը աւելնայ: Անցեալ տարիներու ընթացքին նախակրթարանը 40-է աւելի երախաներու ուղղորդած է հայոց դպրոց, ուր անոնք աչքի ինկած են իրենց բարձր պատրաստուածութեամբ», «Արցախփրես»ի փոխանցմամբ ըսած է «Հայարտուն» կեդրոնի տնօրէն Լեւոն Չիդիլեան:
Վիրահայոց թեմէն կը շեշտեն, որ նախակրթարանի գործունէութեան հիմնական նպատակն է՝ յետագային հայ երախաներուն ուղղորդել հայկական դպրոց, որպէսզի անոնք վրացերէնի զուգահեռ տիրապետեն նաեւ հայերէնի եւ չհեռանան ազգային արմատներէ: