Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Ուրուկուէյի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ցուցահանդէս Բացուած է

Ուրուկուէյի Կերպարուեստի ազգային թանգարանին մէջ Սեպտեմբեր 4-ին բացուած է «Ներսէս Օունանեան» ցուցահանդէսը` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը։

Ներսէս Օունանեան (1924-1957) ուրուկուէահայ քանդակագործ եւ նկարիչ է, որ ծնած է յունական Սամոս կղզիին մէջ, իսկ 8 տարեկանին ընտանիքով տեղափոխուած Մոնթեւիտէօ:

«Ներսէս Օունանեան իրեն հետ բերած է իր հազարամեայ պատմութիւն ունեցող ժողովուրդինմշակոյթըերաժշտութիւնըարուեստըորոնք արտայայտած է իր գործերուն մէջԻր աշխատանքներէն շատերը կը պատկերեն նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ցաւըուր մէկ միլիոն ու կէս մարդ զոհ գացած է», նշուած է թանգարանի կայքին մէջ:

Ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ մինչեւ Հոկտեմբեր 4:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին