Իրանահայ լուսանկարչուհի Նէուշայ Թաւաքոլեան որոշած է, հեղինակաւոր լուսանկարչական Prince Claus հոլանտական հիմնադրամի կողմէ կազմակերպուած մրցոյթին յաղթելու առթիւ՝ ստացած մրցանակը կիսել սուրիացի եւ իրաքցի փախստականներուն հետ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը` վկայակոչելով Nouvelles d`Armenie-ն, Թաւաքոլեան գործունէութիւն ծաւալած է նաեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ:
Հայ լուսանկարչուհիին մրցանակի արժէքը բաւական մեծ է, եւ ան որոշած է բաւական շռայլ գտնուիլ գաղթականներու հարցով: «Ինձ համար դժուար է ուրախութեամբ վերցնել այդ մրցանակը, երբ տեսնում եմ, թէ ինչպիսի թէժ գօտիներում եմ աշխատում ու ինչպէս են հազարաւոր մարդիկ ապրուստ գտնելու համար լքում իրենց տները», ըսած է Թաւաքոլեան:
Prince Claus հիմնադրամի պաշտօնական կայքը կը նշէ, որ Նէուշայ Թաւաքոլեան իրանցի առաջին արհեստավարժ լուսանկարչուհիներէն է: Ան կրցած է համատեղել արուեստն ու լուսանկարչութիւն-լրագրութիւնը եւ հրաշալի կերպով ներկայացնել Միջին Արեւելքի մէջ բնակող փախստականներու կեանքը, անոնց հոգեկան վիճակն ու զգացումները: «Այդ պատճառով դատական կազմը միաձայն որոշած է, որ այս տարուան Prince Claus Award մրցանակին արժանանայ իրանցի երիտասարդ լուսանկարչուհին», կը նշուի կայքին մէջ:
Երիտասարդ լուսանկարչուհին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին մէջ շնորհակալութիւն կը յայտնէ այդ պարգեւին եւ աշխատանքը այսպիսի մակարդակով գնահատելու համար ու կը շեշտէ, որ մտադիր է մրցանակը եւ պարգեւը կիսել այն փախստականներուն հետ, որոնց լուսանկարած է: «Մտադիր եմ ստացածս մրցանակն ու պարգեւը կիսել այն սիրիացի եւ իրաքցի փախստականների հետ, որոնց ես լուսանկարել եմ», յայտարարած է լուսանկարչուհին:
Հիմնադրամէն յայտնած են, որ նկարչուհիին դրամական պարգեւը կը կազմէ 112․000 եուրօ: Նէուշայ Թաւաքոլեան յայտարարած է, որ այդ գումարէն 100.000 եուրօն պիտի նուիրաբերէ փախստականներուն:
Prince Claus Awards-ը միջազգային լուսանկարչական ամենահեղինակաւոր մրցանակներէն մէկը կը համարուի, որ կը տրուի 1997-էն ի վեր: