Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Աշխարհի Տարօրինակութիւնը

*ՀՐԱՅՐ   ՏԱՂԼԵԱՆ*

Միշտ երբ մտածեմ արուեստագիտական յառաջդիմութեանց մասին,- կը յիշեմ Այնշթայնի վերագրուած հետեւեալ պատմուածքը:

Օր մը Այնշթայնին կը հարցնեն, թէ Համաշխարհային երրորդ պատերազմի ընթացքին ինչպիսի՞ զէնքեր  պիտի օգտագործուին ըստ իր կարծիքին: Մեծահամբաւ գիտնականը կը պատասխանէ. «Երրորդը չեմ գիտեր, սակայն չորրորդ Համաշխարհային Պատերազմին քարերով պիտի պատերազմին…»:

Առանց պատերազմ հռչակելու վեր ի վարոյ կրնանք հաստատել, թէ նմանօրինակ իրողութիւններ մինչեւ այսօր կը կատարուին մեր շուրջը. ամէն ինչ կամաց կամաց կը դառնայ հակառակ:

Այսպէս օրինակ.-

Ակնոց.- Նախապէս մարդիկ կը գործածէին աւելի մեծ չափի ակնոցներ, որոնք դէմքի վրայ շատ մեծ կը նստէին: Ժամանակի ընթացքին մարդիկ իրենց կրցածին չափ փորձեցին պզտիկնցել զանոնք, առաւելագոյն չափով փոքր ապակիով ակնոց մը ձեռք ձգելու համար: Սակայն տարիներ ետք կը տեսնենք, որ նոյն մարդիկը դարձեալ անցեալ կը վերադառնան, այս անգամ կրցածնուն չափ իրենց փոքրացուցածը մեծցնել փորձելով:

Հեռախօս.- Բջիջային հեռախօսները երբ տակաւին նոր երեւան եկան, բաւական մեծ էին իրենց չափով ու հասակով: Ժամանակի ընթացքին կրցածնուն չափ փոքրացուցին հեռախօսը, մինչեւ իսկ ժամացոյցի մէջ դնել փորձելով, իսկ այսօր մարդկութիւնը շուարած դարձեալ կը փորձէ իրեն փոքրացուցածը մեծցնել ու մեծցնել, մինչեւ այն աստիճան, որ գրպանը անգամ չի բաւեր…:

Ինքնաշարժ.- Անցեալին գրեթէ բոլոր ինքնաշարժները կու գային միաչափ՝ մեծ ու լայն վիճակով. ժամանակի ընթացքին մարդկութիւնը պզտիկցուց անոնց չափը, մինչեւ իսկ վերածեց մէկ հոգինոց ինքնաշարժի, իսկ այժմ ընկերութիւններ կը մրցին իրար հետ՝  իրենց ինքնաշարժը աւելի լայն ու մեծ շինելու համար:

Հեռուստացոյց.- Անցեալին մեծ էին հեռատեսիլի չափերը. Պզտիկցուցին զայն եւ մինչեւ իսկ ինքնաշարժի մէջ մտցուցին հեռատեսիլի գործածութիւնը… այսօր դարձեալ թէ՛ մարդիկ եւ թէ՛ ընկերութիւններ կը մրցին աւելի մեծը ունենալու համար…:

Միթէ այս բոլորը անցեալէն ներկայի եւ ներկայէն ալ անցեալին կատարուող տարօրինակ մղում մը չէ՞:

Մարդկային տարօրինակութիւնները անհասկնալի առեղծուած մըն են: Երբ օդը պաղի մարդիկ ամառ կը փնտռեն, արեւ կ’ուզեն… երբ ամառ գայ ձիւնն ու ձմեռը կը փնտռեն եւ կը տաքնան…, գործը շատ ըլլայ կը գանգատին եւ հանգիստի ժամանակ ու առիթ կը փնտռեն չաշխատելու, իսկ երբ գործ չըլլայ կը գանգատին, որ անգործութիւն է…: Մարդ արարածին ուզածը ի՞նչ է… թերեւս ինք եւս չի գիտեր:

Յաճախ այսպիսի տարօրինակութեանց դիմաց միտքս կու գայ՝ Մուշեղ Իշխանի «Տառապանք» գիրքին մէջ տպուած մէկ բանաստեղծութեան բառերը, որ իրապէս կը համապատասխանէ ներկայ կացութեան. «Տարօրինակ, տարօրինակ մարդ արարած…»:

Մարդկութիւնը շուարած է. լիբանանցիին երբ հարց տաս իր իրավիճակին մասին, մի միայն գանգատ կը լսես, թէ գործ չկայ, ելեկտրականութիւն չկայ, սղութիւն է…: Այլ բարեկեցիկ երկիր բնակող անձի մը երբ հարց տաս, ինք եւս գանգատներ կը ներկայացնէ, թէ միօրինակութիւն կայ, կեանքի ընթացք ու վազվզուք չկայ:

Շատ անգամ կը շուարիմ եզրակացութեան մը հասնելու. սփիւռքաբնակ անձ մը երբ կը տեսնեմ Լիբանանէն ներս, որ կ’արտայայտուի ըսելով, թէ ձեր այստեղի կեանքը սքանչելի է, այդ օրերուն ու երկրին կարօտը ունինք…. երկու վայրկեան վերջ կը տեսնես լիբանանցին, որ երկրէն պահ մը առաջ դուրս գալու եւ փախելու փափաքն ու կարօտը ունի…:  Այս մէկը կը նմանի այն անձերուն, որ նոյն ջուրին մէջ մտնալով մին կ’ըսէ շատ պաղ է, իսկ միւսը՝ տաք:

Պահ մը այս իրադարձութիւնը կապենք նաեւ մեզի՝ հայութեան: Անցեալին կը քարոզուէր «օտար լեզուն կարեւոր է, սորվեցէք, խօսեցէք, օգտուեցէք անկէ…»: Այսօր պատկերը հակառակն է. կը քարոզենք «օտար լեզուն մէկ կողմ դրէ՛ք, խօսեցէ՛ք ու արտայայտուեցէ՛ք հայերէնով…»: Անցեալին մենք մեր ձեռքով կ’ուզէինք քիչ մը եւրոպական ոճ մը տալ մեր երգերուն, ժամանակին հետ կապ պահելու համար, իսկ այսօր կը քարոզենք, որ հայերէն երաժշտութիւնը մաքուր պահենք՝ առանց օտար երաժշտութիւններու ազդեցութեան տակ ձգելու:

Մեր իսկական ուզածը ին՞չ է եւ ո՞րն է ո՞վ գիտէ:

Ես կը կարծեմ դար մը ետք արդէն ոչ թէ քարերով պիտի կռուին, այլ այս ինչ ծառին արմատով դեղ շինել պիտի փորձեն, մինչեւ հասնին քարէ դար, ուրկէ դարձեալ բարձրանան, որովհետեւ ժողովուրդներն ու ազգերը շուարած են, թէ ինչ կ’ուզեն եւ ինչու…:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին