Չորեքշաբթի, 19. 02. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներու Սրբապատկերը Տեղափոխուած Է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի

Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի ծննդեան տօնին առիթով, Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու սրբապատկերը առաջին անգամ Մայր Աթոռէն տեղափոխուեցաւ Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցի` զոհուած հայորդիներուն հոգւոյն աղօթքի եւ անոնց յիշատակին առջեւ խոնարհման համար:

Ըստ «Արցախփրես»ի Տէր Յակոբ քահանայ Խաչատրեան լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու սրբապատկերը Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ պիտի մնայ մէկ ամիս:

«Այստեղէն սրբապատկերը պիտի տեղափոխուի Արարատեան Հայրապետական թեմի Առաջնորդանիստ Սուրբ Սարգիս եկեղեցի: Հաւատացեալները կրնան այս մէկ ամսուան ընթացքին գալ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ աղօթել Ցեղասպանութեան զոհերու հոգւոց համար», ըսած է Տէր Յակոբ քահանայ Խաչատրեան:

Նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու  սրբապատկերը օծուած է 2015ի Ապրիլ 23-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած` Հայոց Եղեռնի զոհերու սրբադասման արարողութեան ժամանակ:

4

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին