Պերլինի մէջ «Հայնրիխ Պիօլլ» հիմնադրամի կողմէ, Սեպտեմբեր 6-ին իրականացած է գիտաժողով` «Անցեալի ներկան. 1915թ. Հայոց Ցեղասպանութենէն 100 տարի անց» խորագիրով:
Artsakhpress.am-ի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ գիտաժողովը կազմակերպած է «Հայնրիխ Պիօլլ» հիմնադրամը «Գերմանահայկական ընկերակցութեան» հետ միասին։
Բացման խօսքով հանդէս եկած են հիմնադրամի տնօրէն Սերկէյ Լակոտինսքին եւ «Գերմանահայկական ընկերակցութեան» նախագահ Ռաֆֆի Գանդեան: Գիտաժողովի ընթացքին ելոյթ ունեցած են Պունտըսթակի փոխնախագահ, «Միութիւն 90/Կանաչներ» կուսակցութեան անդամ Քլաուտիա Ռոթ, նոյն կուսակցութեան անդամ, Պունտըսթակի պատգամաւոր Փիթըր Մայուալտ, «Հայնրիխ Պիօլլ» հիմնադրամի Սթամպուլի գրասենեակի տնօրէն Քրիստիան Պրաքել, ԵՊՀ փրոֆէսոր Աշոտ Հայրունի, «Յուշամատեան» կայքէջի հիմնադիր Վահէ Թաչճեան, Սթամպուլի Սապանճի համալսարանի հետազօտող Այշենուր Քորքմազ, Թուրքիոյ մէջ քաղաքական հետապնդումներու հետեւանքով Գերմանիա գաղթած հրապարակախօս Ռեճեփ Մարաշլի եւ ուրիշներ: Բանախօսները ներկայացուցած են Հայոց Ցեղասպանութեան հակիրճ պատմութիւնը, ականատեսներու վկայութիւնները, քննարկած են Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին մէջ իրականացուելիք անհրաժեշտ քայլերը:
Ձեռնարկին մասնակցած են Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Ա. Սմբատեան, Գերմանիոյ մէջ հաւատարմագրուած այլ երկիրներու դիւանագէտներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, գերմանացի պատմաբաններ, լրագրողներ, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ: