Սեպտեմբեր 18-ին, ժամը 20:00-ին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Վալենսիայի «Արարատ հայկական միութիւն»ը կը կազմակերպէ «Կոմիտաս Վարդապետը յուշերու մէջ» համերգը` հայ երգչուհի, սոփրանօ Ալվինա Այվազեանի եւ սպանացի դաշնակահար Անխել Ռեգասի մասնակցութեամբ: Այս մասին ըստ Hayernaysor.am-ի, կը յայտնեն Վալենսիայի «Արարատ հայկական միութիւն»էն:
Երեկոյի ընթացքին պիտի հնչեն աշխարհահռչակ երգահանի ծանօթ ստեղծագործութիւնները: Պիտի ընթերցուին նաեւ հայ գրականութեան մեծերու ստեղծագործութիւններէն:
Համերգը տեղի պիտի ունենայ հետեւեալ վայրը` Pianos Clemente Avenida Maestro Rodrigo, 3 Valencia: