Սեպտեմբեր 12-ին Լոռիի մարզին մէջ միաժամանակ երկու փառատօններ տեղի պիտի ունենան` «Օձունի գանձեր» չորրորդ միջհամայնքային հանդիպում-փառատօնը Օձունի մէջ եւ «Խորովածի, արուեստի եւ երաժշտութեան» եօթներորդ փառատօնը Ախթալայի մէջ: Ըստ Panorama.am-ի՝ լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Մեխակ Ապրեսեան:
«Օձունի գանձեր» փառատօնը կը կազմակերպուի G2IA (Հայկական միջմասնագիտական միջազգային խմբաւորում) ֆրանսական կազմակերպութեան կողմէ` Ֆրանսայի Ռոն Ալփ շրջանի եւ ՀՀ միջեւ ապակեդրոնացած համագործակցութեամբ իրականացուող ծրագրի ծիրէն ներս` ՀՀ տնետեսութեան նախարարութեան, Լոռիի մարզպետարանի եւ մասնակից գիւղերու աջակցութեամբ:
Ասուլիսին ներկայ Հայաստանի մէջ G2IA-ի ներկայացուցիչ Զօհրապ Մինասեան ըսած է, որ «Օձունի գանձեր» չորրորդ միջհամայնքային հանդիպում-փառատօնի ժամանակ՝ մասնակից 15 համայնքները պիտի ներկայացնեն իրենց բնամթերքը ցուցահանդէս-վաճառքի միջոցով, պիտի ցուցադրեն տնական օղիի պատրաստման արուեստը, ինքնաեռով տեղական անուշաբոյր խոտաբոյսերէ եւ հատապտուղներէ հայկական զովացուցիչ ըմպելիքի` «Արմենիտօ»ի պատրաստման ձեւը, պիտի ըլլան շարք մը մշակութային ձեռնարկներ, զարգացման խաղեր, լարախաղացներու ելոյթներ: Փառատօնի յատուկ հիւրն է պելճիքացի ձեռներէց՝ «Կանաչ պիզնըս» գաղափարի ջատագով Սթան Իտըլսըն:
Ըստ Զօհրապ Մինասեանին փառատօնի նպատակն է վերարժեւորել Օձունի եւ մօտակայ գիւղերու տեղական արտադրութեան մթերքները եւ պատմամշակութային ժառանգութիւնը: Անոր խօսքով փառատօնի ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան տեղի գիւղերու մշակոյթի կեդրոններու սաները, նաեւ Երեւանէն հրաւիրուած հիւրեր:
«Փառատօնի շրջանակում կազմակերպուող միջոցառումները հետաքրքրելու են բոլորին՝ ե՛ւ տեղի բնակիչներին, եւ զբօսաշրջիկներին», նշած է Զ. Մինասեան:
«Հայ խոհարարական աւանդոյթների զարգացման եւ պահպանման» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սեդրակ Մամուլեան ըսած է, որ Խորովածի փառատօնին պիտի ըլլան 20է աւելի տաղաւարներ` ներկայացնելով Երեւանն ու Հայաստանի տարբեր մարզերը: Ներկայ պիտի ըլլան նաեւ ռուս ու վրացի խոհարարներ, որոնք պիտի ըլլան դատական կազմի անդամ, ինչպէս նաեւ հայազգի աշխարհահռչակ շէֆ-խոհարար, Միշլենի 2 աստղակիր Ալեն Ալեքսանեան:
«Այս փառատօնն արդէն դարձել է ամենասիրուած ու սպասուած միջոցառումներից մէկը: Զբօսաշրջային ընկերութիւնների կողմից այդ օրը յատուկ շրջապտոյտներ են կազմակերպւում», նշած է ան:
Ս. Մամուլեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ այդ օրը կը յայտարարեն Խորովածի միջազգային օր:
Մեխակ Ապրեսեանի խօսքով, նմանատիպ փառատօններու իրականացումը կը նպաստէ տեղւոյն ներդրումներու աւելացման եւ զբօսաշրջութեան աշխուժութեան:
Անոր խօսքով այս փառատօններու միջոցով հնարաւորութիւն կ՛ընձեռուի տուեալ համայնքներուն՝ ներկայացնելու իրենց տնտեսական ներուժը եւ ինչպէս ներքին, նոյնպէս ալ արտաքին շուկայի մէջ գտնելու իրենց տեղը: Մ. Ապրեսեան նաեւ նշած է, որ փառատօններու միջոցով կը վերարժեւորուին տեղական մոռցուած աւանդոյթները:
«Նման փառատօնները հզօր գործիք են մի շարք խնդիրներ լուծելու համար: Յատկապէս նշեմ, որ այստեղ եւս մէկ կարեւոր գործօն կայ` փառատօնների կազմակերպումը համախմբում է շատ շահագրգիռ կողմերի` պետական ու մասնաւոր հատուածի», ըսած է ան: