*ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ*
Կազմակերպութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, Երեքշաբթի, Օգոստոս 25-ի երեկոյեան, ԹՄՄ Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճի բազմամեայ տնօրէն, հմուտ պատմաբան Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի հրապարակային դասախօսութիւնը, կեդրոնանալով անժամանցելի նիւթի մը վրայ՝ «Միջազգային հակազդեցութիւնը հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին եւ ետք»:
Բացման խօսքը կատարեց կազմակերպիչ վարչութեան ատենապետ, «Նոր Օր»ի նախկին խմբագիր Պրն. Վաչէ Սեմերճեան: Ողջոյնի խօսքէ ետք, հրաւիրեց հիւր դասախօսին աշակերտը հանդիսացած, «Մասիս»ի յախուռն սիւնակագիր Պրն. Յարութ Տէր Դաւիթեանը, որպէսզի ներկայացնէ Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը: Տէր Դաւիթեան իրեն յատուկ տպաւորիչ ոճով, ներկայացուց ուսուցիչ, տնօրէն եւ պատմաբան Զաւէն Մսըրլեան մարդը:
Առաջին անգամը չէր, որ լոսանճելըսահայութիւնը կը վայելէր բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ, 1967 թուականէն ի վեր Հայ Աւետարանական Գոլէճի տնօրէնին ներկայութիւնը: Որքան համեստ, նոյնքան բանիմաց, բազմաթիւ աղբիւրներու գիտակ, եւ մանաւանդ՝ իմացածը, իր պաշարը փոխանցել կարողանալու հմտութիւնը ունեցող պատմաբանն է ան: Ուսուցիչի, դպրոցի տնօրէնի եւ պատմաբանի գլխարկներով, ան բացառիկ յաջողութեամբ աւելի քան 200 հոգի հաշուող սրահը քար լռութեամբ կեդրոնացուց իր շուրջ, փոխանցելով այն բոլորը, որ թէեւ որոշ չափով ծանօթ էր հանրութեան, սակայն տուաւ գիտականօրէն, փաստերով, փաստաթուղթերով եւ ուսանելի դիտարկումներով: Հանդիսասրահին մէջ հաճելի էր տեսնել մեծ թիւով ներկայութիւնը յատենի իր աշակերտներուն, որոնք բարձր պաշտօններու տիրացած են այսօր իրենց ասպարէզներուն թէ լոսանճելըսահայ մեր համայնքին մէջ:
Հետաքրքրական էր Դոկտ. Մսըրլեանի դասախօսութեան մօտեցման ձեւը: Ան, անգլերէնով թէ հայերէնով յաճախ անդրադարձած է այս թեմային: Բրիտանական աղբիւրներուն քաջօրէն ծանօթ պատմաբանը ընթերցեց մէկէ աւելի փաստաթուղթերու տողերու տակ «կորսուած» կարեւոր մասեր: Անդրադարձաւ ռուսական գործօնին, որուն կեցուածքը այդքան ալ նպաստաւոր չէր հայութեան: Եւ ամէնէն կարեւորը՝ այսօր ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր դերը: Ան արթնութեան հրաւէր ուղղեց բոլորիս, որպէսզի գիտական ճշգրիտ մօտեցումներով շարունակենք մեր դատը բարձրացնել միջազգային ատեաններու մէջ, հասնելու համար մեր պահանջատիրութեան առաւելագոյն չափին:
Արդարեւ, շահեկան դասախօսութիւն մը օրինակելի պատմաբանի մը կողմէ: Շնորհակալութիւն հիւր դասախօսին, ինչպէս նաեւ կազմակերպիչ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի վարչութեան: