Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Յոռետեսութեան Լոյսին Տակ

*ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ*

Ամէն մէկը իր կեանքը ունի եւ ամէն կեանք ունի տարբեր պատմութիւն: Դերակատարները տարբեր, թատերագրութիւնը տարբեր, շատերունը ուրախ, միւսներունը տխուր, սակայն հասարակաց գիծը նոյնն է միշտ ալ՝ վախճանում:

Գիրքերը կը գրուին ապրումներ, զգացումներ փոխանցելու, սակայն անոնք միայն ապրողը գիտէ, որովհետեւ կան ապրումներ ու զգացումներ, որոնք որքան ալ թուղթին յանձնես կը մնան տակաւին անյստակ, սիրտի մէկ անկիւնը: Այս մէկն ալ իմս է, որմէ ձերբազատուիլը գրեթէ անհնարին է:

Նոյն բեմն է բոլորիս՝ աշխարհը, որ միակն է այն բեմերէն, ուր հազարաւոր պատմութիւններ, հազարաւոր ապրումներ միաժամանակ կը խաղցուին՝ նոյն բեմին վրայ: Հոս անձ մը կու լայ իր հարազատին կորուստը սգալով, մի քանի թաղ անդին ուրիշ մը իր նոր ծնած մանկան հրճուանքով կ’երջանկանայ: Հոս երկու սիրահարներ իրարու սիրտ կոտրած կը հեռանան իրարմէ, մինչ մի քանի թաղ անդին զոյգի մը սէրը սիրոյ խոստումներով նոր կը սկսի բորբոքիլ: Անձ մը երբ հոս ուտելիքի դրամ չունի, մի քանի թաղ անդին մեծահարուստ մը շուարած է, թէ ուր մսխէ իր գումարները: Տարօրինակ իրարանցում, իսկական քաոս եւ բոլորս ալ ակամայ դերակատարները մեր իսկ ստեղծած թատերախաղին:

Աւելի լաւ չէ՞ր ըլլար գուցէ, երբ ամէն մէկուն տրուէր զատ աշխարհ, ուր տխուրը չի տեսներ ուրախին հրճուանքը, կոտրուած սիրտը տեսնելով նոր կայծկլտած սիրոյ զգացումները՝ չ՛անիծեր ինքզինք, աղքատը չի տեսներ հարուստին ճոխութիւնները, որդեկորոյս մայրը իր զաւկին կորուստէն ետք չի տեսներ իրենց զաւակներով շրջապատուած ուրիշներու ուրախութիւնը: Չէ՞ք կարծեր, որ այդպէս աւելի լաւ կրնար ըլլալ: Վերջ կը տրուէր իրարանցումին․ կը ստեղծուէր բեմ մը, ուր լոկ տխրութիւնը կը տիրէ, իսկ այլ բեմ մը՝ երջանկութեամբ եւ ուրախութեամբ:

Կեանքը որքան ալ գիրքերով բացատրուի, ընթերցողը անոր մէջ լոկ տրուած ապրումներուն տեսքն ու արտաքինն է, որ կը զգայ ու կը տեսնէ, մինչ ներքին զգացումներ գիրքերէն աւելի վեր կը մնան, որովհետեւ ցաւը այնպիսի զգացում մըն է, որ ոչ կը տեսնուի եւ ոչ ալ կը բացատրուի:

Կեանք… ինչպիսի բազմիմաստ բառ, որուն իւրաքանչիւր տառին մէջ ամէն մէկը կը տեսնէ տարբեր բան. կարօտեալին համար ան տանջանք է ու տառապանք, հարուստին համար փառք, դրամ ու հարստութիւն: Նոյն բառն է, սակայն բոլորիս համար տարբեր իմաստով. երբ մէկուն համար սէր ու երջանկութիւն է, ուրիշին համար ցաւ ու վիշտ. ո՞վ է պատասխանատուն այս հեգնութեան ու առեղծուածին: Աններդաշնակութիւն ամէնուրեք… նոյնիսկ մարդկանց հոգիներէն ներս: Չէ՞ք կարծեր, թէ այդ է պատճառը, որ հինէն եկած ամէն բան գրեթէ եղած է տխուր, սեւ ու թշուառ, անցեալէն եկած ամէն բան իր հետ բերած է հոտն ու շուքը վիշտին, ցաւին ու սուգին: Այդտեղ քիչ է, որ կը գտնէք ծիծաղն ու խնդուքը: Այցելեցէ՛ք թանգարանները. հոն ամբողջութեամբ մեռելային լռութիւն է, նոյնիսկ իրերուն վրայէն կարծէք ցաւ կը ծորի. այդտեղ մտնողը պահ մը կը լրջանայ, կը խորասուզուի իրերուն հոգիներէն ներս ու կը քաղէ լոկ տրտմութիւն: Մարդ պահ մը կեցած իրերուն դիմաց հարց կու տայ՝ ո՞ւր են տէրերը: Մնացածը լռութիւն…:

Վարդ մըն է մարդուն կեանքը. անոր փուշերով կրնաս վիրաւորել անձ մը, նոյն վարդով սակայն սէր ու երջանկութիւն կրնաս խոստանալ ուրիշին, բայց վախճանը նոյնն է։ Տեսա՞ծ էք ծաղիկ մը, որ չի թոռմիր. այսօր կանք, բայց տասնամեակներ ետք կայ մեր յիշատակը, իսկ անկէ անդին… ո՞վ մեզ կը յիշէ՝ բացի լռութիւնը, որ գիտէ, տեսած ու ապրած է մեր հետ ամէն ինչ ամէն վայրկեան:

Վստահաբար այցելած էք գերեզմանատուներ. հազարաւոր եւ աւելի անկենդան դիակներ ու շիրիմներ, բոլորն ալ մշտական լռութեամբ օծուած: Հազար ու մէկ տարբեր անկենդան աճիւններ, հազար ու մէկ տարբեր կեանքի ուղիներով ու պարագաներով. հազար ու մէկ տարբեր վիշտեր ու ժպիտներ միաժամանակ: Մէկուն շիրիմը մարմարեայ ու զարդարուած, միւսինը աննշմար, սակայն բոլորին ալ խորքը փտած․․․:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին