“Մաշտոց”ը համակարգչային արեւմտահայերէն ուսուցողական նոր խաղ մըն է, որ կը ներկայացնէ հայկական առաջին կրթական յաւելուածը՝ նախատեսուած արեւմտահայերէնով հետաքրքրուողներու համար:
Այժմ արդէն ուր ալ ըլլաք, հնարաւորութիւն ունիք ձեր հեռաձայնի միջոցով արեւմտահայերէն սորվիլ “Մաշտոց”ի օգնութեամբ:
Ուսուցողական այս խաղը կ’օգնէ սորվիլ արեւմտահայերէն բառապաշար եւ քերականական հիմնական կանոններ, ան նաեւ լայն հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ՝ ամրապնդելու ձեր գիտելիքը հայ մշակոյթի, գրականութեան, պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ոլորտներէ ներս:
Հետաքրքրական, գունազարդ եւ տեղեկութիւններով լի խաղերու միջոցով դուք կը ստանաք շատ գիտելիքներ, առանց շատ ջանք թափելու: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն խաղի հեղինակները։
Այսպիսով “Մաշտոց”ի Անտրոյտ յաւելուածը արդէն հասանելի է Google Play-ի մէջ: Ընդամէնը պէտք է ներբեռնել յաւելուածը, որ անվճար է: Գործարկեցէ՛ք եւ գնահատեցէ՛ք:
https://play.google.com/store/apps/details?id=com.inconceptlabs.mashtots
Ծրագիրը հովանաւորած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկը՝ նպատակ ունենալով հայոց համար ձեւաւորել ապագայ մը, ուր հայ մշակոյյթը եւ լեզուն կը պահպանուին ու կը գնահատուին:
Ծրագրի գաղափարը առաջարկուած եւ իրականացած է Երեւանի մէջ հիմնուած InConceptLabs ՏՏ նորաստեղծ ընկերութեան կողմէ: