«ԺԱՄԱՆԱԿ»
«Արաս» հրատարակչատունը գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է հերթական շահեկան գիրքը։ Հայ սպայի մը Տարտանէլի եւ արեւելեան ճակատին վրայ կատարած օրագրութիւնն է այս մէկը, որուն հեղինակն է Աւետիս Ճէպէճեան։ Փրոֆ. Այհան Աքտարի խորհրդածութիւններով ընթերցողին մատուցուած է այս գիրքը, որու բովնադակութիւնը ճոխացուած է լուսանկարներով եւ ամբողջականացած ծանօթագրութիւններով։
Առաջին Աշխարհամարտի շրջանին օսմանեան բանակին մէջ պաշտօն ստանձնած հայ զինուորներն ու սպաները վերջին շրջանին յաճախ կը զբաղեցնեն օրակարգը։ Հրատարակչատունը կը մատնանշէ, որ իրականութեան մէջ սակաւաթիւ են այն գործերը, որոնք կը ցոլացնեն հայ ժողովուրդին իսկական պատմութիւնը. ժողովուրդ մը, որուն ամբողջ պատմութիւնը իր Հայրենիքին մէջ կը հաւասարեցուի դաւաճանութեան ու հաւատարմութեան նեղ շրջանակին։ Աւետիս Ճէպէճեանի այս գործը գրի առնուած է հայատառ թրքերէնով։ Ան հետամուտ էր 1915-ին Այնթապէն աքսորուած ընտանիքի մը ճակատագիրը պրպտելու։ Տարտանէլէ վերջ ան ուղեւորուած էր արեւելեան ճակատ, ուր ականատես եղած էր թէ՛ պատերազմին եւ թէ Անատոլուի կացութեան։ Կարեւոր տեղեկութիւններ արձանագրած էր շրջանի քաղաքական իրադարձութիւններուն մասին։
Աւետիս Ճէպէճեանի յուշերը հարիւր տարուան վաղեմութեամբ դէպքերը կը տեղափոխեն մեր օրերը եւ այդ առումով ժամանակի հոլովոյթէն դուրս դերակատարութիւն մը ունին։
Աւետիս Ճէպէճեան մահացած է 1952-ին եւ ամփոփուած Հալէպի ազգային գերեզմանատան մէջ։