Ազրպէյճանի մէջ սկսած են Հայաստանի հետ բաժանիչ պատի շինարարութեան աշխատանքները։ Ինչպես կը յայտնէ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատուական գործակալութիւնը, Հաճալի գիւղի տարածքին մէջ բաժանիչ պատի 500 մեդրը արդեն կառուցած է։ Ալիպեյլիի տարածքին կառուցած է 700-էն 800 մեդր։ Նման պատ մը պիտի կառուցուի նաեւ Թովուզ մարզի Աղտամ գիւղին մէջ։ Պատին բարձրութիւնը 4 մեդր է, իսկ լայնքը 80 սմ։ Համանման պաշտպանիչ կառոյցներ կան նաեւ հայկական կողմը՝ բնակավայրերու ճանապարհներու երկայնքով։