Հինգշաբթի, 14. 11. 2024

spot_img

Ազրպէյճանը Իրավիճակը Պատերազմականի Կը Մօտեցնէ. ԼՂՀ Արտգործ Նախարարութիւն

Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ շփման գիծի վրայ ազրպէյճանական զինուժի կողմէ ձեռնարկուող սադրիչ գործողութիւններու յաճախականութիւնը եւ այդ ընթացքին կիրառուող զինատեսակներու քանակական ու որակական աճը կը փաստեն, որ Պաքուի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը որդեգրած է իրավիճակը պատերազմականի մօտեցնելու յանցաւոր մարտավարութիւն: Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նախազգուշացուց, որ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ որդեգրուած այդօրինակ գործելաոճը, ոչ միայն պատճառ կը դառնայ չարդարացուած ու անդառնալի կորուստներու, այլեւ դէպքերու նման զարգացման շարունակականութեան խորացումը՝ հաւանաբար առիթ տայ անկանխատեսելի հետեւանքներու: Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն տեղեկացուց, որ հակամարտ զօրքերու շփման գիծի վրայ հետագայ լարուածութիւններու եւ անոնցմէ բխող հետեւանքներու ամբողջ պատասխանատուութիւնը կ’իյնայ՝ ազրպէյճանական կողմի ուսերուն վրայ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին